image
Հրատապ լուրեր:

Մարդասիրական իրավիճակով մենք մտահոգ ենք. Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ

Մարդասիրական իրավիճակով մենք մտահոգ ենք. Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ

Միացեալ Նահանգները մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական իրավիճակով։ Այս մասին Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ:

«Կը ցանկամ ընդգծել, որ կողմերը (Հայաստան եւ Ատրպէյճան – խմբ.) շարունակեն բանակցութիւնները՝ միտուած այս հակամարտութեան խաղաղ լուծման։ Եւ պէտք է կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»,- նշած է ան:

Ըստ անոր՝ բոլոր կողմերը պէտք է ըլլան ճկուն, դիմեն փոխզիջումներու։ «Խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ պէտք է ներառէ պաշտպանութիւն։ Պաշտպանութիւն Լեռնային Ղարաբաղ բնակող անձերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան։ ԱՄՆ կոչ կ'ընէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ անմիջապէս դադրեցնելու բոլոր գործողութիւնները, որոնք կը խաթարեն խաղաղութիւնը եւ գործընթացը»,- ընդգծած է Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ։

Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ կոչ ըրած է յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։