image

Մաքրոն յառաջիկայ շաբաթներուն Քիեւ պիտի այցելէ

Մաքրոն յառաջիկայ շաբաթներուն Քիեւ պիտի այցելէ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի այցելէ Քիեւ։ Այս մասին յայտնած է AFP-ն՝ յղում ընելով Էլիզեան պալատին։

Գործակալութեան տուեալներով՝ այս որոշումը յայտարարուած է Մաքրոնի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի կիրակի օր կայացած հեռախօսազրոյցէն ետք։

Ինչպէս նշած է AFP-ն, զրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները վերահաստատած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ամրապնդման իրենց յանձնառութիւնը՝ ներառեալ համացանցային անվտանգութիւնը, ականազերծումը եւ զէնքի արտադրութիւնը։

Աւելի վաղ ֆրանսական Challenges շաբաթաթերթը, յղում ընելով Էլիզեան պալատի աղբիւրին, յայտնած էր, որ Մաքրոն յետաձգած է իր այցը Ուքրանիա, որ պէտք է կայանար փետրուար 13-14-ին։ Հրատարակութեան տուեալներով՝ Ֆրանսայի ղեկավարի վարչակազմը ուղեւորութեան յետաձգումը բացատրած է անվտանգութեան նկատառումներով։