image

Մանրամասնութիւններ Փաշինեան- Էրտողան հանդիպումէն

Մանրամասնութիւններ Փաշինեան- Էրտողան հանդիպումէն

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերը քննարկած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, 6 հոկտեմբերին, Փրակի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին շեշտուած է երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու քննարկումներու աւարտին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շուտափոյթ իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի բացման, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու իրականացման:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու շուրջ: