image

Մալաթիոյ մէջ երկրաշարժէն հայ զոհուած է, հայ զոհեր կան նաեւ Հալէպի մէջ. ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ

Մալաթիոյ մէջ  երկրաշարժէն հայ զոհուած է, հայ զոհեր կան նաեւ Հալէպի մէջ. ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ

«Արեւելք»-ը Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանէն տեղեկացաւ, որ Թուրքիոյ Մալաթիա շրջանին մէջ երկրաշարժէն հայ զոհուած է: Մանրամասները կը ճշդուին, ինչպէս նաեւ կը ճշդուին երկրաշարժի կեդրոնական գօտիին մօտ բնակավայրերու՝ Սվազի, Կեսարիոյ, Տիգրանակերտի, Վագըֆ գիւղի, Իսկէնտէրունի, Էլազըղի հայերու տներու եւ այդ շրջաններու մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներու վիճակը՝ երկրաշարժէն ետք:  Մասնաւորապէս նշուած է, որ վնասուած է Իսկէնտէրունի հայկական եկեղեցին: 

Ինչպէս տեղեկացուցած ենք՝ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջաններու մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը հարուածած է նաեւ սահմանակից Սուրիան, Հալէպի մէջ զոհերու մեջ երկու հայ կայ: 

Թարմացում-Քիչ առաջ յայտնի դարձաւ, որ Մալաթիոյ մէջ զոհուած են հայ ամուսիններ, փլած է անոնց տունը: 

 

Թուրքիոյ Քահրամանմարաշ նահանգին մէջ 7.4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 284-ի, աւելի քան 440 մարդ վիրաւորուած է:  Նոյն երկրաշարժէն Սուրիոյ մէջ  զոհերու թիւը հասած է 237-ի, 639 մարդ վիրաւորուած է: