ՄԱԿ-ը Ֆրանսայի իշխանութիւններէն կ'ակնկալէ մանրակրկիտ հետաքննութիւն կատարել Փարիզի արուարձաններուն մէջ դեռահասի մահուան կապակցութեամբ, որ յանգեցուցած է անկարգութիւններու։ Այս մասին հինգշաբթի օր կայացած ճեպազրոյցին ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամուլի քարտուղարի տեղակալ Ֆարհան Հաքը։
«Այն, ինչ տեղի ունեցաւ այս երիտասարդի հետ, ի հարկէ, տխուր լուր է։ Յոյսով ենք եւ կ'ակնկալենք, որ տեղի ունեցածը ամբողջութեամբ կը հետաքննուի»,-ըսած է ան։
Ոստիկանի կողմէ Mercedes-ի 17-ամեայ վարորդի սպանութիւնը Նանթերի արուարձաններուն մէջ հրահրած է անկարգութիւններ, որոնք հետագային տարածուած են այլ համայնքներու ու խոշոր քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Թուլուզն ու Լիոնը:
Յունիս 28-ի լոյս 29-ի գիշերը այրած են մի քանի տասնեակ ոստիկանական մեքենաներ, հրկիզուած են վարչական մարմիններու շէնքեր, վնասուած են ուսումնական հաստատութիւններ։ Անկարգութիւնները դադրեցնելուն մասնակցած են ոստիկաններիու եւ պարեկներու 2000 աշխատակիցներ, վիրաւորուած են մի քանի տասնեակը։