image

ՄԱԿ-էն պաղեստինցիներուն ի նպաստ որոշում

ՄԱԿ-էն պաղեստինցիներուն ի նպաստ որոշում

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց պաղեստինցի ժողովուրդի` իր բնական հարստութիւններուն վրայ մնայուն գերիշխանութիւնը ճանչցող որոշում մը: Այս մասին հաղորդեց պաղեստինեան ՈՒԱՖԱ լրատու գործակալութիւնը:

Որոշումին թեր քուէարկեցին 159 երկիրներ, ձեռնպահ քուէարկեցին 10 երկիրներ, իսկ դէմ` 8 երկիրներ` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Չատը, Մարշալ կղզիները, Միքրոնեզիան, Փալուն եւ Նաուրուն:

ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի մնայուն ներկայացուցիչ Ռիատ Մանսուր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն` «պաղեստինեան իրաւունքին գրեթէ միաձայն աջակցութեան համար», ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլ պէտք է յարգէ այս որոշումը, «եւ աշխարհը անոր ստիպէ զայն գործադրել»:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն