image

ՄԱԿ-էն ներս Ռուսիա յաւելեալ նեցուկ կ՚ակնկալէ ԱՊՀ երկիրներէն

ՄԱԿ-էն ներս Ռուսիա յաւելեալ նեցուկ կ՚ակնկալէ ԱՊՀ երկիրներէն

Ռուսիան կ՚ուզէր ՄԱԿ-ի մէջ հակառուսական բանաձեւերու մերժման աւելի յստակ արտայայտում տեսնել Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու կողմէ։ Այս մասին ԱՊՀ անդամ երկիրներու մշտական լիազօր ներկայացուցիչներու խորհրդէն ներս յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Փանքինը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Ի հարկէ, կը ցանկայինք, որ Ընդհանուր ժողովին յստակ հակառուսական բանաձեւերու նախագիծերը դիտարկելու ժամանակ մեր գործընկերներն աւելի յստակ արտայայտէին իրենց մերժումը նման նախաձեռնութիւններու նկատմամբ, որոնք իրենց ետեւէն կը բերեն ոչ միայն մեր երկրի զարգացման խոչընդոտելու, այլեւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկիրներու հետ մեր օգտակար եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան խանգարելու հետեւանքներ»,-ըսած է Ռուսիոյ փոխնախարարը։

Փանքինը նշած է, որ Ռուսիան իր հերթին պատրաստ է ՄԱԿ-ի մէջ հանդէս գալու Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) այլ երկրներուն վերաբերող եւ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող փաստաթուղթերու դէմ։