image

Մահացած է Լուտովիկա Այնթապլեանը.Հանգուցեալը կողակիցն էր Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանին

Մահացած է  Լուտովիկա Այնթապլեանը.Հանգուցեալը կողակիցն էր   Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանին

Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Լուտովիկա Այնթապլեանը։ 

Հանգուցեալը ծնած էր Թեհրան 1934-ին։

 

 Ան կողակիցն էր ամերիկահայ հանրային գործիչ, մտաւորական եւ բարերար Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանին։

 

Հայաստանի սիրով, եւ հայերէն լեզուի կրակը  վառ պահելու հաւատքով բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող տիկին Լուտովիկան մնայուն կերպով եղած է յենարան եւ նեցուկ իր ամուսնոյն։

 Ամբողջ կեանք մը հայութեան խնդիրներով եւ այդ խնդիրներուն լուծումներ ապահովելու պայքարով ապրած մեր հայրենակցուհիի հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի այսօր ՝ շաբաթ 12 Նոյեմբերին Էջմիածին քաղաքի Սուրբ Շողակաթ եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամը 6:00-ին։

 

 Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ մասնաւորապէս անոր վշտահար ամուսնոյն Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանին։