Երուսաղէմի մէջ յառաջացած տարիքին իր մահկանացուն կնքած է համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Սարգիս Պոյաճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի ՀԵՄ-ի դիմատետրի էջէն, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսկացութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը Տիար Սարգիս Պոյաճեանի, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 26 Փետրուար, 2022-ին:
Պրն. Սարգիսը եղաւ հայր եւ մեծ հայր նուիրեալ եւ գործունեայ անդամներու։
ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Պրն. Սարգիսի այրիին, զաւակներուն, հարազատներուն եւ իր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը, 28 Փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Հոգեսուրճ ՀԵՄ-ի Թէքէեան սրահին մէջ։