Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին միակ որդին` 20–ամեայ Արմանը կորսնցուցած Ազատեանները որդի ունեցած են: «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ փոքրիկ Արմանը դիմաւորելու եկած էին ոչ միայն բարեկամները, այլեւ պատերազմին զոհուած զինուորներու ծնողները: Մայրը` տիկին Իրինան, դժուարութեամբ բառեր կ'ընտրէր` զգացմունքները նկարագրելու համար, կ'ըսէ միայն, որ երեխային ծնունդը բոլորին խաղաղութիւն բերէ ու նոր ուժ տայ յառաջ շարժելու: Որդին գրկած 48–ամեայ Վիգէնը նոյնպէս զգացմունքները արտայայտել չէր կրնար, միայն գիտէ, որ աւելի մեծ եռանդով պիտի շարունակէ պայքարը:
«Ծիծաղը լացով, լացը ծիծաղով: Հիմա այդ վիճակն է ինձ մօտ: Հիմա գրկել եմ տղայիս ու Արմանիս եմ զգում», կ'ըսէ հայրը ու կը շտապէ որդին աւագ եղբօր հետ ծանօթացնել: Հիւանդանոցէն ուղղակի «Եռաբլուր» պիտի երթան:
Յիշեցնենք, որ Արման Ազատեանը ծանր վիրաւորում ստացած էր պատերազմին առաջին օրը Ֆիզուլիի մէջ եւ մի քանի օրուայ պայքարէն յետոյ մահացած է հիւանդանոցին մէջ` Հոկտեմբեր 1-ին: