image

Լոյս աշխարհ եկած է 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած Մանուէլ Մանուչարեանի եղբայրը՝ Էմմանուէլը

Լոյս աշխարհ եկած է 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած Մանուէլ Մանուչարեանի եղբայրը՝ Էմմանուէլը

Յունուար 6-ին լոյս աշխարհ եկած է 44-օրեայ պատերազմին անմահացած Մանուէլ Մանուչարեանի եղբայրը` Էմմանուէլ Մանուչարեանը: Այս մասին կը յայտնեն Տավուշի թեմի ֆէյսպուքեան էջով:

«Աւետի՜ս

Այսօր լոյս աշխարհ եկած է 44-օրեայ պատերազմին անմահացած Մանուէլ Մանուչարեանի եղբայրը` Էմմանուէլ Մանուչարեանը:

 Ինչպէս Մանուէլի նահատակութեան ցաւը միայն իր ընտանիքինը չէ, այլ՝ բոլորինս, այնպէս ալ այս ուրախութիւնն է անանձնական։

«Արժանապատուութիւն էք ուզում՝ զաւակ ունեցէք։

Կեանք էք ուզում՝ զաւակ ունեցէք։

Ուզում էք նորմալ երկրում նորմալ ապրել՝ զաւակ ունեցէք։

Ուզում էք Հայրենիք ունենալ՝ զաւակ ունեցէք», գրուած է էջին մէջ։