Ի պատասխան «Ամերիկայի ձայն»-ի հայկական ծառայութեան հարցման, 11 ապրիլին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միջեւ Հայաստանի Տեղ գիւղի մօտակայքը արձանագրուած մահացու բախման մասին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը «անընդունելի» որակած է վէճերը լուծելու նպատակով ուժի կիրառումը՝ շեշտելով, որ այն կը խափանէ բանակցային գործընթացը:
Իր պատասխան արձագանգին մէջ պետական քարտուղարութիւնը գրած է.
«Կը ցաւինք ապրիլ 11-ին հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մահացու բախման համար, որ յանգեցուց մի քանի զոհերու։ Կը ցաւակցինք զոհուածներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն։ Հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում, իսկ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրառումն անընդունելի է։ Կայուն խաղաղութեան միակ ճանապարհը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ է, իսկ ուժի կիրառումը կը խափանէ բանակցութիւնները»: