Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելան ցրած է խորհրդարանը. նոր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան աշնան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Euronews-ը:
Այս որոշման նախորդած էր վարչապետ Մարիօ Տրակիի հրաժարականը, երբ դաշինքի հիմնական դաշնակիցները պոյքոթած էին վստահութեան քուէն:
Տրակին, սակայն, պիտի շարունակէ ղեկավարել ժամանակաւոր կառավարութիւնը:
Ընտրութիւնները, որոնք պէտք է տեղի ունենան 25 սեպտեմբերին, պիտի ըլլան Իտալիոյ մէջ երկրորդը չորս տարուան ընթացքին։
«Կառավարութիւնը ներկայացուցած է իր հրաժարականը: Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Մարիօ Տրակիին եւ նախարարներուն այս 18 ամիսներու ընթացքին իրենց յանձնառութեան համար», - ըսած է Մաթարելան: