Մարտ 18-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հանդիպած է ԱՄՆ Արտաքին գործից նախարարի Հարաւային Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուի Պոնոյի հետ։
Կողմերը քննարկած են իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, մասնաւորապէս՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մանրամասնութիւնները։
Պայրամովը խօսած է Միւնիխի եւ Պերլինի անվտանգութեան համաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներու եւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ Ատրպէյճանի ակնկալիքներու մասին։ Ան Պոնոյի ուշադրութեան ներկայացուցած է Պաքուի դիրքորոշումը խաղաղութեան գործընթացի շարք մը հարցերու վերաբերեալ, որոնք բաց կը մնան։