image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներու այցը՝ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին

 Լոս Անճըլըսի մէջ. Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներու այցը՝ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին

Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելած եւ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ին կողմէ ընդունուած է են ԱՄՆ-ի մէջ գործող Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչները։

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի Դիմատետրեան էջէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

Երեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի: 

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գովեստով արտայայտուեցաւ մարդկային կեանքի փրկութեան ժամանակակից միջոցներէն՝ ոսկրածուծի պատուաստումով ծանր հիւանդներ բուժելու ուղղութեամբ ժրաջան աշխատանքի լծուած հայկական այս հիմնարկի գործունէութեան մասին եւ վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը հիմնարկի ծրագիրներուն: 

Վարչութեան անունով Տոքթ. Ճորտըն շնորհաւորեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութիւնը, ներկայացուց Հ. Ո. հիմնարկի 25-ամեայ գործունէութեան արձանագրած նուաճումները ո՛չ միայն հայութեան, այլեւ մարդկութեան մեծ ընտանիքի բժշկագիտական կեանքին մէջ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց հիմնարկի ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Ապա, յանուն վարչութեան, ան խնդրամատոյց եղաւ Առաջնորդ Սրբազանին՝ իր ներկայութեամբ պատուելու Հ. Ո. հիմնարկի 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, 25 Օգոստոս 2024-ին: 

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայկական Ոսկրածուծի հիմնարկի քառորդ դարու երթը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքներուն, գնահատեց անձնուէր վարչութիւնն ու նախագահը, որոնք անվճար կը շարունակեն գիտական արդի ձեւերով փրկել մարդկային կեանքեր, հայրաբար յաջողութիւն մաղթեց հիմնարկին եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց այցելուներուն: