image

Լոս Անճըլըսի մէջ. Բարերար Արիս Սթամպոլեան պարգեւատրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով

Լոս Անճըլըսի մէջ. Բարերար Արիս Սթամպոլեան պարգեւատրուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով

 

Օրերս, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ներս պարգեւատրուած է բարերար Արիս Սթամպոլեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշանով, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամէնէն բարձր շքանշանն է: Այս Մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արեւմտեան թեմի դիմատետրի էջէն: 

 Աղբիւրը  այս առթիւ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Չորեքշաբթի, 31 մայիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Պըրպէնք, Թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան, Տ. Մանուկ արք. Մարգարեան եւ Վեր. Տ. Զաւէն Մարկոսեան ընդունած են համայնքի բարերար Արիս Սթամպոլեանը: Ներկայ եղած են նաեւ Բիւզանդ Զորայեանն ու Արա Կարակէսիսօղլուն: 

Հիւրերը եւ հոգեւորականները հաւաքուած են Համբար ընտանիքի անուան սենեակին մէջ, ուր Առաջնորդը անդրադարձած է բարերարի կատարած բարերարութիւններուն, անոր քրիստոնէական անսասան հաւատքին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ տածած հաւատարմութեան ։

Յանուն բարերարի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած յաւիտենական սիրոյ  եւ ցուցաբերած աջակցութեան  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  Կաթողիկոսը պարգեւատրած է Սթամպոլեանը «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով, որ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ աշխարհականներուն շնորհւող ամէնէն բարձր շքանշանն է: 

Հայրապետական կոնդակը ընթերցած է Տ. Մանուկ արք. Մարգարեան, ապա առաջնորդ սրբազանը բարերարին յանձնած  հեղինակաւոր շքանշանը Հայրապետական կոնդակին հետ: 

Իր կարգին՝ Սթամպոլեան երախտագիտութեան խօսք յայտնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր պատւոյն համար, ինչպէս նաեւ թեմի առաջնորդին հովուական առաջնորդութեան համար։

Յետ պարգեւատրման տեղի ունեցած է նաեւ հիւրասիրութիւն: