ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, ԱՄՆ կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, հանդիպած է Հայոց արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ:
Այցելութիւնը սկիզբ առած է Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն, որուն յաջորդած է ընդունելութիւն առաջնորդարանի «Համբար» սրահի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց մեր պաշտօնակից ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հինգշաբթի, 9 Մայիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդութիւնը պաշտօնապէս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լիլիթ Մակունցի եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանի ու խումբ մը պաշտօնակատարներու։
Այցելութիւնը սկիզբ առաւ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն առաջնորդարանի «Համբար» սրահի մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեմական խորհուրդի փոխատենապետը, հոգեւոր հայրեր եւ առաջնորդարանի վարիչ-տնօրէնը։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը, որ ընդառաջ բարի գալստեան խօսքի՝ բոլորը հրաւիրեց միահամուռ աղօթքի։ Այնուհետեւ, ան իր խօսքին մէջ շեշտեց եկեղեցի-պետութիւն գործակցային կապերու կենսական կարեւորութիւնը, մանաւանդ երբ ազգն ու հայրենիքը ենթակայ են փորձութեանց, բոլոր առումներով։ Պատասխան խօսքով հանդէս եկաւ նախագահը, որն իր հերթին հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայրենի պետութեան առջեւ ծառացած բազում խնդիրներուն ու առաջադրուած լուծումներուն։ Նախագահի խօսքը համապարփակ եւ խորքային իմաստով լուսաբանող էր, յուսադրող ու գօտեպնդող, որու մէջ կը գտնենք ներքին միաբանութեան ու համերաշխ գործակցութեան շեշտադրումներ։
Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ եւ աւարտեցաւ աղօթանուէր մաղթանքով։