image

Լոս Անճելըսի մէջ. 1 Միլիոն տոլար ի նպաստ հայ մշակոյթին

Լոս Անճելըսի մէջ. 1 Միլիոն տոլար ի նպաստ հայ մշակոյթին

Առաւել քան 300 համայնքային ղեկավարներ, նուիրատուներ եւ համակիրներ Կիրակի, 28 Օգոստոսին, Պեվըրլի Հիլզի «Մէյպուրն» պանդոկին մէջ ի մի եկան` կալա-ընթրիքով մը միասնաբար տօնելու համար երիտասարդութեան համար, մշակութային միջոցառումներու ճամբով եւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ տարուած Հայ Մշակութային հիմնարկութեան գործունէութեան 45ամեակը: 

Իբրեւ արդիւնք՝ յայտարարուեցաւ, որ ձեռնարկին ընթացքին Հայ Մշակութային հիմնարկութեան կատարուած նուիրատուութիւններու գումարը հասած է 1 միլիոն տոլարի՝ շարունակելու համար իր ծրագիրները՝ Համայնքին եւ հայրենիքի մէջ: Հիմնարկութիւնը մշակած է գործունէութիւն զանազան բնագաւառներու մէջ, որոնց շարքին են` համայնքին մէջ գործող 13 Հայ կեդրոններուն աշխատանքի մշակումը եւ զանազան այլ նախաձեռնութիւններ` Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին:

Երեկոն շեշտադրումն էր Հայ Մշակութային հիմնարկութեան նուիրումին` Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման ջանքերուն, զանազան նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու ընդմէջէն: Նոյն ժամանակ շեշտուեցաւ համայնքին միասնականութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը:

Հայ Մշակութային հիմնարկութեան այս տարուան ձեռնարկի հիւրընկալութիւնը  առատաձեռնօրէն ստանձնած էին տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները:

Այս տարի, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը մեծարեց Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, որ, իբրեւ օրինակելի ղեկավար, համայնքային նուիրեալ գործիչ եւ առատաձեռն հովանաւոր` եկեղեցւոյ եւ շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու, ներառեալ` Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, լուսարձակի տակ առնուեցաւ: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ նաեւ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի հանգուցեալ տիկինը` Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանը, իբրեւ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան եւ համայնքի գործունէութեան նուիրեալ ջատագով:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Հայ Մշակութային հիմնարկութեան կողմէ Լիբանանի հայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն, Հայաստանի մէջ յատկապէս երիտասարդութեան ուղղուած ծրագիրներուն եւ Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ շարք մը դարմանատուներ բանալու աշխատանքին մասին:

Ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Ալիս Կիւրէղեան, որ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Կարոյի հետ իրենց անունով վերակոչուած Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնի հովանաւորը կը հանդիսանայ, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան Երեւանի մէջ գտնուող յարկաբաժին մը նուիրած է:

 

Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն