Լոնտոնի մէջ «Միլիոնաւոր դիմակներու երթի» ժամանակ 8 ոստիկան տուժած է ցուցարարներու հետ բախումներու հետեւանքով։
Շարժումին մասնակիցները իրաւապահներուն ուղղութեամբ ճայթրուկներ նետած են, երբ անոնք փորձած են կանխել վտանգաւոր հրավառութիւնները։
Ընդհանուր առմամբ ձերբակալուած է երթի 12 մասնակից։
«Միլիոնաւոր դիմակներու երթ»ը տեղի ունեցած է Թրաֆալկար հրապարակին վրայ։ Ազնուական Կայ Ֆոքսի դիմակով հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուած էին Լոնտոնի կեդրոնը․ ցուցարարներու մէկ խումբը բողոքած է քովիտ-անձնագրերու դէմ, միւսը՝ պահանջած է Ժիւլիան Ասանժի ազատ արձակումը, երրորդը իր բողոքը արտայայտած է՝ «Թրամփը յաղթեց» գրութեամբ վիթխարի դրօշով։
Երթի հանգուցալուծումը եղած է վարչապետ Պորիս Ճոնսընի խրտուիլակի այրումը։