image

Լրագրող Լիլիան Գալստեանին արգելք հանդիսացած են

Լրագրող Լիլիան Գալստեանին արգելք հանդիսացած են

5 Օգոստոսէն Panorama.am-ի լուսանկարիչ Լիլիան Գալստեանը չի կրնար մուտք գործել ԱԺ. նման որոշում կայացուցած է ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Աննա Գրիգորեանն ու իրազեկող նամակ ուղարկած խմբագրութեան ելեկտրոնային հասցէին։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

Կայքը նշած է, որ Լիլիան Գալստեանի՝ Panorama.am-ի մէջ հրապարակած լուսանկարներու շարքը անվտանգութեան միջոցառումներու վերաբերեալ մեծ տարածում գտած է, անոր հետեւած են իշխանութիւններուն ուղղուած բազմաթիւ քննադատութիւններ։ 

ԱԺ-էն տեղեկացուցած են, որ իբր լուսանկարիչը իր մասնագիտական գործունէութիւնը իրականացնելու ժամանակ «խախտել է «ԱԺ տարածքում եւ շէնքում» գործող կանոնները հաստատելու մասին ԱԺ նախագահի որոշման յաւելուած 1-ի 2.8 կէտը, ըստ որի արգելուում է պահպանուող կառոյցի տարածքում, այդ թուում հսկիչ անցագրային կէտերում պահպանութեան ծառայութեան աշխատակիցներին իրենց մասնագիտական գործունէութիւնն իրականացնելիս ձայնագրելը, տեսանկարահանելը, լուսանկարելը»։

Panorama.am-ը կը նշէ, որ իր լուսանկարիչը ԱԺ-ի Բաղրամանեան, Տեմիրճեան փողոցներուն մէջ գտնուող անցագրային կէտերէն որեւէ մէկուն չէ լուսանկարած:

Panorama.am-ը լուսանկարչի մուտքը խորհրդարան արգիլելու փաստի վրայ կը հրաւիրէ  այն լրագրողական կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը, որոնք իրապէս մտահոգուած են Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութեամբ, լրագրողներու մասնագիտական գործունէութեան, տեղաշարժի սահմանափակումներով։