Սուրիոյ մասին լուրեր հաղորդող աղբիւրներ այսօր հաղորդեցին, որ ամերիկեան մէկ տոլար գնելու համար սուրիացիք պէտք է վճարեն 9900 լիրա։ Այս սակագինը երկրի Կեդրոնական Դրամատան կողմէ հաստատուած սակագին է, մինչեւ «սեւ շուկա»ին մէջ Լիրան արդէն իսկ հատած է 10 հազարի շէմը եւ մէկ ամերկեան տոլար գնելու համար քաաքացիները կը վճարեն 10.600 լիրայի գումար մը։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ Լիրայի այս նոր գահավիժումը աւելիով պիտի ծանրացնէ, առանց անոր ալ բարդ վիճակներու մատնուած քաղաքացիներուն դրութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ ամէնէն շատ կը վնասուին հասարակութեան անապահով խաւերը, որոնք իրենց օրապահիկը կը վաստակին լիրայով, իսկ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու գնաբաշխումը կը կատարուի հիմնուելով ամերիկեան տոլարի սակագնին վրայ։
Սուրիոյ պատերազմի թէժ փուլը մեր ետին է, սակայն տնտեսական փլուզումը օրէ օր աւելիով կ՚արագանայ։
«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ մինչեւ պատերազմի սկիզբը Սուրիոյ մէջ մէկ ամերիկեան տոլարը կը գնուէր 50 սուրիական լիրայի։