image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի սահմանը լարուա՞ծ

 Լիբանանի սահմանը    լարուա՞ծ

Լիբանանի հարաւային սահմաններուն  զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  լիբանանեան աղբիւրներէ։

Կը նշուի, որ  այսօր վաղ առաւօտեան   առնուազն երեք հրթիռներ  նետուած են դէպի Իսրայէլ,  անոնցմէ երկուքը ինկած են Գալիլիոյ արեւմտեան հատուածներուն։

Իսրայէլ ի պատասխան եղածին   հրթիռակոծած է Լիբանանի «Ուատի համուհ» շրջանը։

Զոհեր  չկան, իսկ քաղաքական առումով Իսրայէլի  կառավարութեան  բանբերը եղածին ողջ պատասխանատւութիւնը բեռցուցած է Լիբանանի  վրայ։ 

Ներկայ  պահու դրութեամբ  իրավիճակը հանդարտ է սահմանային գօտիի ողջ երկայնքով։