Օրերս Լիբանանի Զապքին հարաւային գիւղաքաղաքը սուգի մէջ է: Ճանապարհային արկածի հետեւանքով գիւղը յուղարկաւորած է իր երիտասարդներէն երկուքը:
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ համացանցէն:
Նշուած է, թէ արկածը տեղի ունեցած է Ալմանսուրիի Սուր-Ալնաքուրա մայրուղիին վրայ, երբ «Ժիփ» ինքնաշարժ մը եւ երիտասարդներուն վարած շարժակաւոր հեծելանիւը զարնուած են իրարու:
Զապքին գիւղաքաղաքի նոյն ընտանիքի զաւակներ՝ Մարուան եւ Սաժէտ Պազիհ եղբայրները զոհուած են եւ փոխադրուած Լիբանանեան Իտալական հիւանդանոցը Ալ Րիսալէ (առաքելութիւն) միութեան եւ առողջապահական վարչութեան շտապ օգնութեան անձնակազմին միջոցաւ: Իսկ ինքնաշաժին մէջ գտնուող 12 տարեկան Մ.Ժ. եւ իր հայրը Կարմիր Խաչին միջոցաւ փոխադրուած են «Ճապալ Ամէլ» հիւանդանոց հարկ եղած բուժումը ստանալու:
Մինչ այդ անվտանգութեան ուժերը տեղ հասած են եւ սկսած հետաքննութեան: