image

Լիբանանի մէջ նոր լարուածութիւն. Առեւանգուած է «Լիբանանեան ուժեր»ու մէկ պատասխանատուն

Լիբանանի մէջ նոր լարուածութիւն. Առեւանգուած է «Լիբանանեան ուժեր»ու մէկ պատասխանատուն

Երէկ յետմիջօրէին անյայտ անձեր առեւանգած են «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան Ժիպէյլ շրջանի համակարգող՝ Փասքալ Սուլայմանը։

Դէպքը տեղի ունեցած է Լըհֆէտ շրջանին մէջ, երբ Սուլայման կը վերադառնար իր բնակարանը։

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքէն ժամեր անց Սուլայմանի ծանօթներէն մին ձայնագրութեամբ մը հանդէս գալով պատմած է անոր հետ իր ունեցած վերջին հեռախօսակապին մանրամասնութիւնները, ըսելով, որ լսած է Փասքալ Սուլայմանի աղերսանքը, որ կ՚ըսէր՝ «Մի սպանէք զիս, ես երեխաներու հայր եմ»։

Դէպքէն անմիջապէս ետք «Լիբանանեան ուժեր»ու հարիւրաւոր անդամներ փութացին Մասթիթա շրջանի իրենց կեդրոնատեղին, որոնց աւելի ուշ կը միանար կուսակցութեան նախագահ՝ Տօքթ. Սամիր Ժաաժահը։

Աւելի ուշ մասնակիցներէն շատեր, որպէս բողոքի նշան փակեցին Ժիպէյլի բոլոր հիմնական ճանապարհները, մինչ ապահովական մարմինները կը շարունակեն իրենց որոնման աշխատանքները։

Քաղաքական գետնի վրայ մէկէ աւելի պատասխանատուներ դատապարտեցին եղածը եւ կոչ ըրին Անվտանգութեան Մարմիններուն արագօրէն քակելու Սուլայմանի առեւնագման հանգոյցին բոլոր թելերը։

Եթէ առեւանգումի բնոյթը չունենայ քաղաքական դրդապատճառ ապա աւելի քան պարզ է, որ Լիբանանի մէջ լարուածութեան նոր փուլ մը կը հասուննայ։