image

Լիբանանի մէջ. Դրամատան առջեւ հերթական կրակոց եւ տագնապ (Տեսանիւթ)

  Լիբանանի մէջ. Դրամատան առջեւ հերթական կրակոց եւ տագնապ (Տեսանիւթ)

Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ քաղաքացին փորձած է բռնի ուժով տիրանալ իր գումարներուն։

 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Լիպանոն տիպայթ» կայքէն, որ նաեւ կը գրէ, թէ ատրճանակով զինուած եւ յիսունը անց տղամարդ մը փորձած է Սայտա քաղաքի դրամատուներէն մին ներխուժել փորձելով տիրանալ այնտեղ պահ դրուած իր գումարներուն։ 

 Դէպքին վերաբերեալ  այլ մանրամասնութիւններ չեն նշուիր, բայց եւ այնպէս ինչպէս երեւելի է տեսանիւթին մէջ,  քաղաքացին  իր ատրճանակով կրակ  բացած է  «ՊԼՈՄ»  դրամատան   մայր մուտքի դրան ուղղութեամբ, որմէ ետք ալ  դէպքի վայր   հասած են բանակային ուժեր։

 Նշենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ նման դէպք կը գրանցուի Լիբանանի մէջ, ուր 2019 թուականէն ի վեր երկրի դրամատուները դադրեցուցած են քաղաքացիներու արդար վաստակի արդիւնք եղող աւանդները վերադարձնել։

Խնդիրը ունի բազմապիսի երեսակներ, ու մտահոգիչ է այն, որ կարգ մը տնտեսական վերլուծողներու դիտարկումով, որ այդ գումարները տարբեր փուլերու օգտագործուած են Լիբանանի իրդրայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ։

 Բռնի ուժի եւ զէնքի կիրառումով կարգ մը քաղաքացիներ սկսած են հաւատալ, որ իրենց գումարները կարող են ձեռք բերել միայն ու միայն այդ ճանապարհով, բան մը որ իրավիճակը կրնայ աւելիով սրել եւ տանիլ դրամատնային ոլորտի ամբողջական փլուզման։