Առնուազն 79 մարդ զոհուած է, երբ չորեքշաբթի վաղ առաւօտեան Յունաստանի ափերու մօտ հարիւրաւոր մարդիկ տեղափոխող գաղթականներու նաւը խորտակուած է: Այս մասին յայտնած է երկրի առափնեայ պահպանութիւնը, գրած է CNN-ը։
Ընդամէնը 104 գաղթականներ, որոնք կը ճանապարհորդէին նաւով, կրցած են դուրս բերել ջուրէն ու տեղափոխել Քալամաթա քաղաք: Առափնեայ պահպանութիւնը յայտնած է, որ որոնողափրկարարական գործողութիւնը պիտի դադրեցուի, երբ տարածքին մէջ մթնի ու պիտի շարունակուի յաջորդ օրը՝ առաջին լոյսով:
Յստակ չէ, թէ քանի մարդ եղած է նաւուն վրայ, երբ այն խորտակուած է: Փրկուածները կ'ըսեն, որ այնտեղ կրնար ըլլալ 750 ուղեւոր: