image

Լիբանանցի ձեռներէց ՝ Ուաէլ Սաուան «Շէլ»ի տնօրէն դարձաւ

  Լիբանանցի   ձեռներէց ՝ Ուաէլ Սաուան «Շէլ»ի տնօրէն  դարձաւ

Աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ, լիբանանցիներուն ձեռքբերումները բազմաթիւ են։ Նորարարութիւններու կողքին, անոնք կը ցուցադրեն բարձր հմտութիւններ եւ կը  ստանձնեն ղեկավար պաշտօններ։ 

  Այս առումով  լիբանանցիներուն համար հպարտառիթ լուր է  համաշխարհային «Շէլ» ընկերութեան  նոր  գործադիր տնօրէնի ընտրութեան լուրը, որ  Լիբանանցի  երիտասարդ մըն է։ 

Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ   «Ալ Նահար»էն, որ կը նշէ, թէ   երիտասարդ  ձեռներէց Ուաէլ Սաուան նշանակուած  «Շէլ»ի տնօրէնի պաշտօնին։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ Սաուան  պիտի փոխարինէ  երբ գործող նախագահ Պէն Վան Պըրտընը  որ յաջող  կերպով ամբողջ տասնամեակ  մը ղեկավարեց նաւթարդիւնաբերութեան հսկան՝ «Շէլ»ը։ ընկերութիւնը։ ։

 

Ուաէլ Սաուան, որ «Շէլ» ընկերութեան մէջ արդէն կ՚աշխատէր 25 տարիէ ի վեր, ծնած է Լիբանան 1974 թուականին եւ ունի Գանատայի եւ Լիբանանի քաղաքացիութիւն։ Ան քիմիական ճարտարագիտութեան դոկտորական վկայականն ստացած է Գանատայի «Մըքկիլ» համալսարանէն եւ կառավարման մագիստրոսի վկայական՝ «Հարվըրտ» համալսարանէն:

 

«Շէլ» ընկերութեան նախագահ՝ Էնտրու Մըքէնզին ընդգծած է, որ Ուաէլ Սաուան բացառիկ   ղեկաէար  է եւ ունի բոլոր այն յատկանիշները, որոնք անհրաժեշտ են ղեկավարելու «Շէլ»ի փոխակերպման եւ աճի յաջորդ փուլը, անվտանգ եւ շահաւէտ կերպով: