Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ներկայացուցած է թէ ինչպէս կ'իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած սակավաթիւ բնակիչներու որոնումները։ Նշուած է, որ որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ նոր անձեր կը գտնեն:
«Փոքր թիւով մարդիկ կը մնան իրենց տուները կա՛մ իրենց ընտրութեամբ, կա՛մ այն պատճառով, որ չեն կրցած հեռանալ: Ոմանց անհրաժեշտ է բժշկական օգնութիւն, սնունդ եւ ջուր:
Ուրիշներ օգնութիւն կը խնդրեն հարազատներու հետ կապ հաստատելու կամ ալ հեռանալու համար փոխադրամիջոց ստանալու նպատակով:
Տուները, խանութներն ու գրասենեակները լքուած են, իսկ փողոցներու մէջ կարելի է տեսնել բազմաթիւ շուներ եւ կատուներ»,- յայտնած են Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն: