Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն ամերիկացի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիք Իսրայէլեանին կոչ ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ձայնը հասցնելու աշխարհին ու մասնաւորապէս ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին։ Ան տեսաուղերձ հրապարակած է Twitter–ի էջին։
«Դուք կրնաք օգնել անոնց, դուք կրնաք անոնց ձայնը հասցնել աշխարհին, քանի որ անոնք այդ հնարաւորութիւնը չունին»,– տեսաուղերձին մէջ ըսած է Օքամփոն`աւելցնելով, որ Պլինքըն կրնայ փոխել իրավիճակը, ստիպել դադրեցնել հայերու ցեղասպանութիւնը։
Ան իր ուղերձին կից գրած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը կապող Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, տեղի բնակչութեան համար սնունդի, վառելիքի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու արգելափակումը պէտք է դիտարկուի որպէս ցեղասպանութիւն։
The blockade of food, oil, medicine, and other essential goods to a protected group should be considered a genocide: Azerbaijan’s Blockade of the Lachin Corridor Between #Armenia and Nagorno-Karabakh #StopArmenianGenocide2023 @KimKardashian @esrailian pic.twitter.com/SSomzmg54m
— Luis Moreno Ocampo (@MorenoOcampo1) August 11, 2023