image

Լեզուակռիւ Ազգային ժողովէն ներս. Կիրքերը չեն հանդարտիր

Լեզուակռիւ Ազգային ժողովէն ներս. Կիրքերը չեն հանդարտիր

ԱԺ Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովին մէջ կը քննարկուի ՀՌԱՀ անդամի ընդդիմութեան թեկնածուի հարցը:

Թեկնածու Ռուբէն Յակոբեանը երբ ելոյթ կ'ունենար, նիստը նախագահող Սիսակ Գաբրիէլեանը անոր առաջարկեց դադրեցնել ելոյթը:

«Ձեր տարիքը յարգելով եմ ասում, չեմ ուզում այստեղ այլ բան ծաւալուի: Նիստի բնականոն ընթացքն ապահովելու համար Ձեր ելոյթն աւարտւում է», յայտարարեց Սիսակ Գաբրիէլեանը:

Երբ Յակոբեանը պահանջեց պարզաբանել, թէ կանոնակարգի ո՞ր կէտով, Սիսակ Գաբրիէլեանը ըսաւ. «Կանոնակարգը կը գնաք դատարանում կ'անէք»:

Ռուբէն Յակոբեանը յայտարարեց, թէ կը հանէ իր թեկնածութիւնը եւ Գաբրիէլեանին յորդորեց իր հետ «այդ ոճով չխօսիլ»:

«Ձենդ կտրի, վեր ընկի տեղդ: Իմ կեանքի նպատակն է, որ ձեր նման անտակտ խուլիկաններին դաստիարակեմ», ըսաւ Յակոբեանը:

«Խուլիկանը ծնողդ ա, քո ծնողն ա անտակտ խուլիկանը, որ քեզ էսքան տարի մեծացրել ...», ըսաւ Սիսակ Գաբրիէլեանը:

Կրքերը բորբոքեցան, պատգամաւորները միմեանց «ոչխար» անուանեցին: