Ատրպէյճանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին բարձրաստիճան ղեկավարներու նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերը յառաջիկային պիտի փոխանցուին դատարան:
Այդ մասին, ըստ «ԱՊԱ» ատրպէյճանական լրատուական գործակալութեան, Ստեփանակերտի մէջ (հաղորդագրութեան մէջ՝ Խանկենտի), ըսած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւը:
Անոր խօսքով, 15 անձի նկատմամբ հետաքննութիւնն արդէն աւարտած է։ Ձերբակալուածներու շարքին են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, խորհրդարանի նախկին խօսնակ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը եւ բարձրաստիճան նախկին զինծառայողներ:
«Այս պահուն մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժողները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն, ճանաչողական փուլի աւարտէն ետք մեղադրական եզրակացութիւնը պիտի ներկայացուի դատարան»,-ըսած է Ալիեւ:
Արցախի նախկին պաշտօնեաները ատրպէյճանցի ուժայիններու կողմէ ձերբակալուած եւ Պաքու տեղափոխուած են 2023-ի սեպտեմբերեան ռազմական յարձակումէն ետք։ Ատրպէյճանի մէջ անոնք կը մեղադրուին շարք մը ծանր յանցանքներով: