image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրովի կողմէ մեղադրանքներ՝ Զելենսքիին

Լաւրովի կողմէ մեղադրանքներ՝ Զելենսքիին

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի առաջարկած «խաղաղութեան բանաձեւը» ոչ այլ ինչ է, քան կեղծիք, յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը «Եւրոմայտան. Ուքրանիոյ կորսուած տասնամեակը» գիտական եւ գործնական համաժողովին։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Այն փաստը, որ սա կեղծ եւ պարզապէս, նուազագոյնը, յիմար նախաձեռնութիւն է, պարզ է բոլորի համար»,- ըսած է Լաւրովը։

2023 թուականի սկիզբը Վլատիմիր Զելենսքիի ներկայացուցած «խաղաղութեան բանաձեւը» կը ներառէ ռուսական զօրքերու ամբողջական դուրսբերում, 1991 թուականի սահմաններուն Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում, բոլոր գերիներու ազատ արձակում, միջուկային, պարէնային եւ բնապահպանական անվտանգութեան ապահովում։