Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ ռազմական յանցագործութիւններ են: Այս մասին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին իր ելոյթի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։
«Կազայի հատուածի եւ անոր բնակչութեան դէմ Իսրայէլի դաժան յարձակումները ռազմական յանցագործութիւններ են: Ցաւօք, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ լիազօրուած է լուծելու նման հարցեր, կրկին ու կրկին չի կրնար կատարել միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու իր պարտաւորութիւնները: Այն չկրցաւ արդիւնաւէտ հրադադարի միաձայն կոչ ընել: Աւելին՝ Անվտանգութեան խորհուրդը դեռ չի կրնար լուծում գտնել՝ շտկելու այն պատմական անարդարութիւնը, որու հետեւանքով տասնամեակներ շարունակ կը տառապին պաղեստինցիները», - նշած է Ֆիտանը:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ ստեղծուած իրավիճակը «կաթուած է, որ, հաշուի առնելով մոլորակի միւս բոլոր ճգնաժամերը, աւելի ու աւելի պիտի խաթարէ խորհուրդի նկատմամբ մարդոց վստահութիւնը»։
Ինչպէս ընդգծած է պաշտօնեան, «միլիոնաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ արշաւներ կ՚ընեն յաջակցութիւն Պաղեստինի եւ ընդդէմ Իսրայէլի իրագործած սարսափներու», որ յղի է շատ երկիրներու մէջ անկարգութիւններու վտանգով։