image

Ֆրանսացի նախկին դիւանագէտէն մեղադրանքներ՝ Մաքրոնին

Ֆրանսացի նախկին դիւանագէտէն մեղադրանքներ՝ Մաքրոնին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կը մեղադրեն Չինաստանի նկատմամբ ԵՄ միասնական դիրքորոշումը խափանելու մէջ՝ անոր այն արտայայտութիւններու պատճառով, որ Եւրոպան պէտք չէ ներքաշուի Թայուանի պատճառով ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի դիմակայութեան մէջ, գրած է բրիտանական Financial Times թերթը:

«Մաքրոն Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ իր դիւանագիտական ջանքերուն մէջ նոյն սխալներն գործած է, որ գործած էր Փութինի հետ․․․Նախագահը կրկին ետ շպրտած է Եւրոպան, եւ ոչ թէ՝ օգնած անոր»,-թերթը մէջբերած է ֆրանսացի նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտ Միշել Տիւքլոյի խօսքը։ Ան կը կարծէ, որ Մաքրոնի դիւանագիտական խուսանաւումները յանգեցուցած են անոր, որ դաշնակիցները կորսնցնեն վստահութիւնը Ֆրանսայի նկատմամբ՝ միասնական ճակատով հանդէս գալու փոխարէն: 

Վերլուծաբանները կը կարծեն, որ Մաքրոնի գործողութիւններն արդէն խաթարած են Եւրոպայի միասնութիւնը Չինաստանի նկատմամբ: Ընդ որում, ինչպէս յայտարարած են Պրիւքսէլէն, Եւրոմիութիւնը Չինաստանի նկատմամբ յստակ քաղաքականութիւն կը պահպանէ՝ հակառակ Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւններուն:

«Այդ այնքան ալ լաւ չէ Ֆրանսայի նախագահի համար, բայց մենք՝ որպէս ԵՄ, այստեղ խնդիրներ չունինք։ Մենք յստակ քաղաքականութիւն ունինք»,-թերթը մէջբերած է ԵՄ անանուն դիւանագէտի խօսքը։