Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, քննարկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Կողմերը ընդգծած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին, 2021-ի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով ընդունուած եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ուղղուած համապատասխան աշխատանքի իրականացման կարեւորութիւնը Ռուսիոյ միջնորդութեամբ:
Նախարարները պայմանաւորուած են քննարկել նշուած հարցերը Սերգէյ Լաւրովի` Յունիսի 23-24-ին Պաքու կատարելիք աշխատանքային այցի ընթացքին: