Բողոքի շարժումներուն կազմակերպիչները հայ հասարակութեան մէջ բաւականին յայտնի դէմքեր են, այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովը:
Անոր խօսքով` այս մարդիկ երկար տարիներէ` գրեթէ 30 տարի, սուտ խոստումներ կու տալնհայ ժողովուրդին, կ'ապրին պատրանքներու մէջ ու այսօր Հայաստանը կը մղեն դէպի անդունդ:
«Սա իշխանութեան համար պայքարի բաղկացուցիչ մասն է, կ'ուզեն դարձեալ բարձրացնել Ղարաբաղի թեման: Ի հարկէ, մենք կը հետեւինք այս գործընթացներուն: Այնտեղ հանրային լայն աջակցութեան մասին խօսք չկայ, լաւագոյն պարագային նոյնիսկ հինգ-վեց հազար մարդ չկայ: Եւ սա եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ, որ հայ հասարակութիւնը յոգնած է այս կեղծ խոստումներէն ու պատրանքներէն», ըսած է Պայրամով: