image

Լաչինի տագնապ. Արմէն Գրիգորեան Ճէյք Սալիվան հեռախօսազրոյց

Լաչինի տագնապ. Արմէն Գրիգորեան Ճէյք Սալիվան հեռախօսազրոյց

22 Դեկտեմբերին, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց ունեցածփ է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ:

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենյակէն յայտնած են, որ ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին վերաբերեալ, որու ծիրին մէջ զրուցակիցները ընդգծած են իրադրութեան շուտափոյթ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շուրջ աշխատանքներու շարունակումը:

Կողմերը բարձր գնահատած են ՀՀ-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններու կայուն զարգացման աշխուժութիւնը եւ կարեւորած են անոր շարունակականութիւնը: