image

Լաչինի հարցով Շիֆէն նամակ նախագահ՝ Ճօ Պայտընին

Լաչինի հարցով Շիֆէն նամակ նախագահ՝ Ճօ Պայտընին

Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ նամակ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։

«Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը կը պահանջէ ԱՄՆ-ի կողմէ անյապաղ գործողութիւն։

Այսօր ես նախագահ Ճօ Պայտընին յորդորեցի շտապ հրաւիրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ դադրեցնելու ատրպէյճանական շրջափակումը եւ գործածելու բոլոր հասանելի գործիքները՝ աջակցելու ԼՂ ժողովուրդին եւ կանխելու հերթական ցեղասպանութիւնը»,- նամակին կից ըսուած է քոնկրէսականի դիմատետրի էջին։