image
Հրատապ լուրեր:

Կը տեսնենք՝ սիոնիստական ​​ռեժիմէն ինչ կը մնայ. Իրանի նախագահը սպառնացած է Իսրայէլին

Կը տեսնենք՝ սիոնիստական ​​ռեժիմէն ինչ կը մնայ. Իրանի նախագահը սպառնացած է Իսրայէլին

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ գործելու որոշում կայացնէ, «իր ծրագիրն իրականացնելու համար բաւական ժամանակ չունենար, քանի որ երկրէն որեւէ բան չի մնար», գրած է iranintl.com-ը։

Երկուշաբթի կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Ռայիսին նշած է, որ Իսրայէլ ի սկզբանէ չէր ուզեր, որ Իրան ձեռք բերէ միջուկային արհեստագիտութիւն, «սակայն այդ գիտելիքը մեր երկրի համար ազգային բաղադրիչ դարձած է, եւ այն չի կրնար խլուիլ մեզմէ»։

Ռայիսին ըսած է, որ եթէ Իսրայէլ որոշէ իրականացնել Իրանի միջուկային ծրագիրը ոչնչացնելու իր սպառնալիքները, «անոնք կը տեսնեն՝ սիոնիստական ռեժիմէն որեւէ բան կը մնա՞յ, թէ՞ ոչ»:

Անդրադառնալով Իրանի 2015 թուականին կնքուած միջուկային համաձայնագրին վերադառնալու հարցով Արեւմուտքին հետ մղելու Իսրայէլի ջանքերուն, Ռայիսին նշած է, որ Իսրայէլի ջանքերն ի վերջոյ ապարդիւն պիտի ըլլան:

Իրանի նախագահի խօսքով՝ «իրանցի միջուկային գիտնականներու սպանութիւնը, բազմաթիւ գործողութիւնները միջուկային ծրագրի դադարեցման համար էին: ..Իսրայէլ կ'ուզէր կանգնեցնել մեզի, բայց մենք կանգ չառինք. Անոնք չեն կրնար մեզ ետ պահել այս բացարձակ իրաւունքէն», - շեշտած է Իրանի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ նախօրէին հրէական պետութեան վարչապետ Եայիր Լափիտ, մեկնաբանելով Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) հնարաւոր վերականգնման շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, յայտնած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին եւ հետախուզութեան՝ «Մոսատ»-ին, յանձնարարուած է պատրաստուիլ Իրանի վերաբերեալ ամէն տեսակ սենարի։