image

«Կը դադրեցնենք կրակը Եմէնի ուղղութեամբ». Սէուտական Արաբիայէն յայտարարութիւն

«Կը դադրեցնենք կրակը Եմէնի ուղղութեամբ». Սէուտական Արաբիայէն յայտարարութիւն

Սէուտական Արաբիոյ դաշինքը Երեքշաբթի երեկոյեան յայտարարած է Եմէնի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին, այսօր` Չորեքշաբթի առաւօտեան ժամը 6-էն:

Սէուտական դաշինքը յայտարարած է, որ «Եմէնի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը կու գայ խորհրդակցութիւնները յաջող դարձնելու եւ խաղաղութեան հաստատման համար դրական միջավայր ստեղծելու համար», նշելով, որ «այդպիսով կ'ընդառաջեն Ծոցի համագործակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի հրաւէրին»:

Սէուտական դաշինքը նշած է, որ «ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու որոշումը կու գայ Եմէնի ճգնաժամին վերջ տալու համար համապարփակ եւ կայուն քաղաքական լուծման հասնելու համար:

Նենք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը կոչ ըրած է Սէուտական դաշինքի ղեկավարութեան եւ Եմէնի բոլոր կողմերուն՝ «դադրեցնելու Եմէնի մէջ շուրջ եօթը տարիէ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները»:

Մարտ 26-ին Եմէնի բարձրագոյն քաղաքական խորհուրդի ղեկավար Մահտի Ալ-Մաշշաթը միակողմանի յայտարարեց, որ «3 օր ժամկէտով կը դադրեցնեն Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու հարուածները եւ բոլոր ռազմական գործողութիւնները ցամաքային, ծովային եւ օդային ճանապարհով»:

Ալ-Մաշշաթ հաստատած է. «Սանաան պատրաստակամ է այս յայտարարութիւնը վերածելու վերջնական եւ հաստատուն պարտաւորութեան, եթէ Սէուտական Արաբիան պարտաւորուի վերջ տալ պաշարման եւ դադրեցնել իր յարձակումները Եմէնի վրայ մէկընդմիշտ»: