image

« «Կովերու պարտէզ»ի հարցով Հայաստան պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ». Սաղիմահայ գործիչ

« «Կովերու պարտէզ»ի հարցով Հայաստան պէտք է ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ». Սաղիմահայ գործիչ

Հայաստանը պէտք է օգտագործէ դիւանագիտական ​​ուղիները եւ ճնշում գործադրէ Իսրայէլի վրայ՝ հասնելու այս խնդրի պատշաճ լուծման։ Այս մասին ըսած է Երուսաղէմի «Հայ դատի» գրասենեակի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւանը` մեկնաբանելով «Կովերու պարտէզ» տարածքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Ան նշած է, որ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը նոյնպէս մասնակցած է բողոքի ցոյցերուն առաջին օրերուն եւ ծանօթ է բոլոր մանրամասներուն։

Յակոբ Սեւանը համաձայն չէ այն կարծիքին, որ Երուսաղէմի հայ համայնքի վիճակն անմխիթար է, հարցը կապուած է պատրիարքարանի հետ։

«Համայնքն ինքնին՝ իր կառոյցներով, շատ կազմակերպուած է։ Մենք պատրիարքարանի հետ միասին, կը դիմակայենք այս գործարքը։ Իսրայէլը միշտ նպատակ ունեցած է օգտագործել այս տարածքը, սակայն պատրիարքարանը միշտ մերժած է ատոր վերաբերեալ որեւէ նախաձեռնութիւն։ Այժմ պատրիարքարանը եւս չեղեալ յայտարարած է գործարքը։ Սակայն իսրայէլեան ընկերութիւնը կը փորձէ ուժով ձեռք բերել այդ հողերն օգտագործելու հնարաւորութիւնը։ Սակայն հայերը 24 ժամ կը հերթապահեն այս տարածքին մէջ, որ իսրայէլեան ընկերութիւնը չկարողանայ իրականացնել իր յաւակնութիւններն այս հողերու նկատմամբ»,-աւելցուցած է «Հայ դատ»ի գրասենեակի ներկայացուցիչը։

Յիշեցնենք, որ Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը «Կովերու պարտէզ» տարածքը 99 տարիով վարձակալութեան տուած էր հրեայ ձեռներեցի։ Այս որոշումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, եւ երկար պայքարէ ետք գործարքը չեղարկուեցաւ։

Սակայն երկու շաբաթ առաջ պուլտոզըրները սկսան քանդել վիճելի տարածքի մէկ մասը: Երբ ցուցարարները փորձեցին կանգնեցնել այն, յայտնուեցան զինուած իսրայէլացի հրեայ վերաբնակիչներն ու փորձեցին ցրել ցուցարարները, սակայն անյաջողութեան մատնուեցան։

 

Նիւթը՝ NEWS.am -էն