image
Հրատապ լուրեր:

Կրակոցները չեն ազդած հանդիպումներու վրայ. Փաթել

Կրակոցները չեն ազդած հանդիպումներու վրայ. Փաթել

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր բախումները չեն ազդած Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու ժամանակացոյցի վրայ։ Այս մասին ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վետանթ Փաթելը։

Ան նշած է, որ «ամէն ինչ կը շարունակէ ընթանալ նախատեսուածի պէս»։ 

«Վերջին միջադէպերը ընդգծեցին տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը: Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնելու կողմերուն հասնիլ ատոր, եւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն անմիջականօրէն ներգրաւուած է խաղաղ գործընթացին մէջ: Ուղիղ երկխօսութիւնը խնդիրներու լուծման ու տոկուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու բանալին է։ Արտաքին գործոց նախարարներու հետ երէկուան հանդիպումները կառուցողական էին։ Եւ մենք պիտի շարունակենք այս քննարկումները զարգացնել այսօր եւ վաղը, քանի դեռ խաղաղ բանակցութիւնները կը շարունակուին»,- ըսած է Վետանթ Փաթելը։

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար խօսնակ Մեթիու Միլլըր թուիթըրեան իր էջին գրած է, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է կողմերուն օգնելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հարցով։

«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Ղարաբաղի մէջ մարդկային կորուստներով։ Վերջին իրադարձութիւնները կ'ընդգծեն ռազմական գործողութիւններէն զերծ մնալու եւ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը։ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է կողմերուն օգնելու այդ նպատակին»,- գրած է Միլլըր: