image

Ատրպէյճանեան կողմէն կրակոցները կը շարունակուին. Սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչ

Ատրպէյճանեան  կողմէն կրակոցները կը շարունակուին. Սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչ

Չենք կրնար յստակ գիտնալ, թէ կրակոցները ճիշդ գիւղի ուղղութեամբ են, թէ՝ ոչ, բայց կրակոցներ ի հարկէ, կը լսուին, ու պարբերաբար, ամէն գիշեր կը կրակեն գիւղի վրայ: Այս մասին ըսած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Մովսէս գիւղի նախկին գիւղապետ Զաւէն Պապեանը:

«Ցերեկները չեն կրակում, բայց գիշերները կրակում են: Վերջին անգամ անցած գիշեր են կրակել: Մի շաբաթից աւել է, որ ամէն գիշեր կրակում են»,-ըսած է նախկին գիւղապետը:

Հարցին, թէ արդեօք այս գարնանացանի շրջանին բնակիչները չեն վախնար զբաղուիլ գիւղատնտեսական աշխատանքներով՝ պատասխանած է. «Մենք արդէն սովոր ենք, վախենալու բան չկայ էլ, բայց դէ, որ երկար ժամանակ է չէին կրակում, ու հիմա կրակում են՝ բնականաբար կան անհանգստութիւններ»,-եզրափակած է Պապեանը:

Մովսէս գիւղի Մշակոյթի տան աշխատակից Կարինէ Ապերեանն ալ Tert.am-ի հետ զրոյցին նշած է, որ բարեբախտաբար, կրակոցները բնակիչներու ուղղութեամբ չեն եղած. «Օդ են կրակում, բնակչութեան ու պոստերի վրայ չեն կրակում, վերջին անգամ անցած գիշերը ժամը մէկին են կրակել», -ըսած է ան:

 

Լուրը՝ Tert.am-էն