Երէկ գիշեր կրակոցներ հնչած են Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 21:00-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Սեւանի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան-Սեւան ճանապարհի Գագարին աւանի վարչական տարածքին կրակոցներ հնչած են:
Ոստիկաններն ու քննիչները դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են «Քալաշնիքով» ինքնաձիգէ 25-է աւելի պարկուճ:
Փաստի առթիւ Սեւանի քննչական բաժնին մէջ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է: