image

Պայթում, տուժած եւ մահ ..Ի՞նչ տեղի ունեցած է Արարատ մարզէն ներս

Պայթում, տուժած եւ մահ ..Ի՞նչ տեղի ունեցած է Արարատ մարզէն ներս

Արարատի մեքենաներու կազալցակայանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով տուժած 32-ամեայ քաղաքացին հիւանդանոցին մէջ մահացած է:

Այս մասին կը յայտնեն ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:

Ծառայութենէն աւելի վաղ յայտնած էին, որ 29 Յունիսին, ժամը 19:43-ին Արարատի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան-Մեղրի ճանապարհին՝ կազալցակայանին մէջ, տեղի ունեցած է պայթում:

Պարզուած է, որ Երեւան-Մեղրի ճանապարհի 15 քմ-ի մօտակայքը՝ կազալցակայանին մէջ, տեղի ունեցած է կազի գլանատակառի պայթում՝ առանց հրդեհի բռնկման: