image

Կիւմրիի մէջ. Թալան եւ կրակոց

Կիւմրիի մէջ. Թալան եւ կրակոց

Այսօր՝ 21 Յուլիսին, աւազակային յարձակում տեղի ունեցած է Շիրակի մարզին մէջ: Ժամը 04։40-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Մուշի բաժին ահազանգ ստացուած է Կիւմրի քաղաքի Պարոնեան փողոցի տուներէն մէկու բնակիչ 70-ամեայ Սաթենիկ Ա․-էբ, որ յայտնած է, որ դիմակաւորուած անձը տեխնիկական միջոցներու գործադրմամբ բացած է իր տան ննջասենեակի պատուհանը, այնուհետեւ մտեած է ներս եւ զէնքով ստիպած է իր 70-ամեայ ամուսնոյն, որպէսզի իրենց մօտ եղած գումարը տան։

Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ տղամարդը նշուած տուն մտած է դիմակաւորուած, եւ ծերունի ամուսիններէն գումարը ստանալէ ետք մէկ կրակոց արձակած է Մ․ Ա․-ի վրայ, որ հրազէնային վնասուածք ախտորոշմամբ շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած է Կիւմրիի բժշկական կեդրոն։

Փաստի առթիւ քննչական բաժնէն ներս աւազակային յարձակում կատարելու եւ ապօրինի զէնք կրելու յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ յանցագործը տարեց ամուսիններէն յափշտակած է 60-էն 70 հազար դրամ։