«Միայն Ֆրանսայի շուկայէն հեռացուած Kinder ապրանքատեսակներու քանակը կը կազմէ հարիւրաւոր թոն տուրմ»,- ըսած է Ferrero ընկերութեան խօսնակը:
Իսկ շուկայէն հեռացուած ապրանքատեսակներն են Kinder Surprise, Kinder Schoko-Bons, Kinder Mini Eggs եւ Kinder Happy Moments:
Նաեւ Բրիտանիոյ առողջապահական իշխանութիւնները յայտարարած էին թէ շուկայէն պիտի հեռացուին այս ապրանքատեսակի հաւկիթէ տուրմերը նշուած հիւանդութեան տարածման հետ հնարաւոր կապի պատճառով։
Օրերս Ֆրանսայի «Փասթէոր հիմնարկ»ի սալմոնելլա (Salmonella) հիւանդութեանց ազգային կեդրոնը յայտարարած է, որ արձանգրուած են սալմոնելայի մանրէով հիւանդութան 21 պարագայ, անոնց կարգին են 15 մարդ, որոնք օգտագործած են Kinder ապրանքատեսակներ։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Նահար» կայքէն:
Ըստ աղբիւրին, Իրլանտայի սննդամթերքի անվտանգութեան մարմինը (FSAI) եւ առողջապահական մարմինները կը հետաքննեն սալմոնելայի շարունակական բռնկումը, եւ անոր կապը Kinder արտադրանքին հետ:
Նշուած է, որ այսպիսի հիւանդութիւն նկատուած է նաեւ այլ եւրոպական երկիրներու մէջ ինչպէս Գերմանիա, Շուէտ, Հոլանտա, Բրիտանիա եւ Իրլանտա, իսկ արձանագրուածներուն թիւը կազմած է առնուազն 63 պարագայ:
Իր հերթին, Իտալական Ferrero տուրմերու հսկայ ընկերութիւնը շուկայէն հեռացուցած է Պելճիքայի մէջ արտադրուող Kinder ապրանքատեսակի իր արտանդրանքները, Ս. Զատիկէն երկու շաբաթ առաջ, տասնեակ սալմոնելլայի հիւանդութիւններ արձանգրուելէն ետք:
«Միայն Ֆրանսայի շուկայէն հեռացուած Kinder ապրանքատեսակներու քանակը կը կազմէ հարիւրաւոր թոն տուրմ»,- ըսած է Ferrero ընկերութեան խօսնակը:
Իսկ շուկայէն հեռացուած ապրանքատեսակներն են Kinder Surprise, Kinder Schoko-Bons, Kinder Mini Eggs եւ Kinder Happy Moments:
Նաեւ Բրիտանիոյ առողջապահական իշխանութիւնները յայտարարած էին թէ շուկայէն պիտի հեռացուին այս ապրանքատեսակի հաւկիթէ տուրմերը նշուած հիւանդութեան տարածման հետ հնարաւոր կապի պատճառով։
Հարկ է նշել որ սալմոնելլա մանրէով թունաւորման ախտանիշներն են մարսողական խանգարումներ եւ 48 ժամուայ ընթացքին ջերմաստիճանի բարձրացում: