image

Խոշոր հրդեհ Ասկերանի Դահրաւ համայնքին մէջ. Հրկիզուած է 4 բնակելի տուն

Խոշոր հրդեհ Ասկերանի Դահրաւ համայնքին մէջ. Հրկիզուած է 4 բնակելի տուն

Ասկերանի շրջանի Դահրաւ գիւղին մէջ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին 18 յուլիսին՝ ժամը 18:10-ին, Ասկերանի արտակարգ իրավիճակներու շրջանային բաժնի ահազանգման կեդրոնը հաղորդում ստացած է, ուր ըսուած է, որ, նախնական տուեալներով, կ'այրի բնակելի տուն:

Բնակչութեանն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ հրդեհաշիջման աշխատանքներ կատարելու նպատակով անմիջապէս կանչի վայր մեկնած է Աստղաշէնի հրշէջ յենակէտի մեքենան՝ մէկ մարտական հաշուարկով: Գնահատելով իրավիճակի լրջութիւնը Ասկերանի Հասարակական պաշտպաններու միութենէն (ՀՓՄ) եւս մէկ մարտական հաշուարկ մեկնած է օգնութեան:

Ուղեկցող թեթեւ քամիի միջոցով հրդեհն արագ տարածուած է հարեւանութեամբ գտնուող փայտեայ հին շինութիւններուն եւ բնակելի տուներուն:

Ասկերանի հրշէջ փրկարարներուն միացած են Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան հրշէջ փրկարարական եւս 2 մարտական հաշուարկ, այնուհետեւ Բերքաձորի յենակէտի փրկարարները:

Հրդեհը մեկուսացուած է ժամը 22:10-ին:

Ըստ նախնական տեղեկութեան՝ ամբողջութեամբ այրած իրար մօտ գտնուող 4 տուն: Բարեբախտաբար մարդկային տուժածներ չկան:

Հրդեհի վերաբերեալ ստուգումներ կ'իրականացնէ ծառայութեան պետական հրդեհային եւ տեխնիկական անվտանգութեան տեսչութիւնը: