Թուրքիոյ հայկական հիմնադրամներու միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ «Ժամանակ»էն։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ հեռախօսազրոյցը դարձած է Թուրքիոյ հայ համայնքի օրակարգային թեման։ Անհատներու մակարդակով նկատուող անվիճելի լաւատեսութիւնը համայնքն ամբողջովին կը կիսէ նաեւ վարչական/համակարգային մակարդակով։
Այս ծիրէն ներս եղած է հետեւեալ շեշտադրումը. «Մեր տասնեակ հնագոյն հիմնադրամները, որոնք կը գործեն որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատութիւններ, եւ անոնց կից մեր բոլոր հաստատութիւնները եւ ընկերութիւնները գնահատանքով եւ յոյսով կը հետեւին պարոն Էրտողանի եւ պարոն Փաշինեանի կողմէ ցուցադրուող օրինակելի առաջնորդութեան։ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սկսած կարգաւորման գործընթացը վերջին շրջանին մեծ սպասելիքներ ձեւաւորած է, իսկ երկու ղեկավարներու ուղիղ հեռախօսազրոյցի ձեւաւորած մթնոլորտը նոր մաշտապ հաղորդած է՝ լաւատեսութեան… Միջազգային ասպարէզի մէջ շատ կարեւոր դերակատար Թուրքիոյ՝ ՀՀ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը բոլոր առումներով նոր հորիզոններ կը խոստանայ»։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ հայ համայնքը, հակառակ իր համեստ ներուժին, Թուրքիոյ եւ ՀՀ-ի միջեւ կրնայ խորհրդանշական կամուրջ համարուիլ։
«Մեր համայնքը, որ կը խորհրդանշէ երկու հին ժողովուրդներու համատեղ ապրելու աւանդոյթի շարունակականութիւնը, իր հաստատութիւններու ցանցով ջերմօրէն կ'աջակցի կարգաւորման գործընթացին։ Ինչպէս ժողովի մը ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ հայերու ամենապատիւ պատրիարք Սահակ արք․ Մաշալեանը, Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորումը կրնայ փոխել մեր համայնքի ճակատագիրը։ Մեր համայնքը, որ անցած 30 տարուան ընթացքին այս յոյսը փորձած է միշտ վառ պահել, այսօր պարոն Էրտողանի եւ պարոն Փաշինեանի առաջնորդած քայլերու շարունակութեան առումով կոչ կ'ընէ երկու երկիրներու բոլոր հատուածներուն պատասխանատուութեամբ եւ ապագայի տեսլականով գործել։ Մենք ալ մեր կառավարչական փորձով պատրաստ ենք այս պատմական շրջափուլին մեր բոլոր հնարաւորութիւնները զօրաշարժի ենթարկել»։
Թուրքիոյ պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը Հայկական հիմնադրամներու միութեան սոյն յայտարարութենէն բացի ներկայացուցած է միութեան ղեկավարի եւ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի անդրադարձը թեմային։ Ան նշած է, որ հեռախօսազրոյցը հայ համայնքին մէջ մեծ գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ ընդունուած է։
Շիրինօղլուի խօսքով՝ երկու երկիրներու միջեւ առկայ կարգաւորման գործընթացն անցեալի վէրքերը բուժելու, նախապաշարմունքները յաղթահարելու եւ համատեղ ապագայի ճանապարհին նոր մթնոլորտ ձեւաւորելու տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է։
Նաեւ նշած է, որ Թուրքիան, որ տարածաշրջանի առաջատար երկիրն է, իր կատարելիք քայլերով կրնայ փոխել Հարաւային Կովկասի ճակատագիրը եւ դուռ բանալ միջազգային հաւասարակշռումներու վերափոխման համար։ Իսկ Թուրքիոյ հայ համայնքը պատրաստ է իր նպաստը բերելու այս պատմական շրջափուլին՝ շարժելով իրեն բաժին հասնող պատասխանատուութեան գիտակցումով։