Արդէն պարզած ենք պայթած բեռնատարի երթուղին՝ Պուլկարիա, Վրաստան, Հայաստան, Հիւսիսային Օսիա, Քրասնոտար։ Այս մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպմանն ըսած է Ռուսիոյ Քննչական Կոմիտէի ղեկավար Ալեքսանտր Պասթրիքինը։ Գրած է «Ռիա Նովոստի»ն։
Պասթրիքին աւելցուցած է, որ պարզուած են փոխադրողները: Ինչպէս պարզաբանած է Քննչական կոմիտէի նախագահը, պայթումի կազմակերպման մասնակցած են Ուքրանիոյ յատուկ ծառայութիւնները եւ Ռուսիոյ ու այլ երկիրներու քաղաքացիներ։
Անոր խօսքով, այժմ քննիչները կը շարունակեն պարզել յանցագործութեան նպատակներն ու խնդիրները։ Պասթրիքինն ընդգծած է, որ բոլոր առկայ ապացոյցները ցոյց կու տան, որ այդ ահաբեկչական գործողութիւն էր, որու նպատակն էր ոչնչացնել քաղաքացիական խոշոր ենթակառուցուածքը։
Նշենք, որ լրագրող Նայիրի Հոխիկեան իր դիմատետրեան էջին գրառումով մը անդրադառնալով Խրիմի կամուրջի պայթումին, յայտնած է, որ այն իրականացուած է ատրպէյճանցիներու ձեռքով։
«Քննութիւնը պարզած է, որ պայթեցուած բեռնատարի սեփականատէրը Վրաստանից Կրասնոդար տեղափոխուած ադրբեջանցի Մահիր Եուսուպովն է։ Նա ակտիւ (աշխոյժ) կապի մէջ է եղել Ուկրանիայի յատուկ ծառայութիւնների հետ, վերջին շրջանում էլ յաճախ է մեկնել Ադրբեջան»,-գրած է ան։